Մարտ 4, 2015-ի խնդրագիրը որ ուղարկուեցաւ Կաթողիկոսարան

ԽՆԴՐԱԳԻՐ

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ,

Վեհափառ Տէր,

Այս նամակով Ձեզի կը դիմենք մեզի համար շատ կարեւոր, առ երեւոյթ անձնական, սակայն միաժամանակ խորապէս ազգային հարցով մը։

Իմացանք, որ գոյութիւն ունի «Թռչնոց Բոյն»ի տարածքին վերաբերող ծրագիր մը, որ կը ներառէ Հայոց Ցեղասպանութեան ու որբերու նուիրուած թանգարանը, ինչ որ մեզի գոհունակութիւն կը պատճառէ։ Այս ծիրին մէջ մեզ հետաքրքրողն ու մտահոգողը Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած, «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ իրենց կեանքին սկզբնական տարիները անցուցած եւ լիբանանեան հողին մէջ՝ Ժիպէյլի այս վայրին մէջ իրենց վերջին հանգիստը գտածներուն եւ անոնց յաջորդած սերունդի կարգ մը ներկայացուցիչներուն գերեզմաններն են, որոնք ճչացող հազուագիւտ վկաներն են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ սրբազան յուշարարը մեր վերապրումին։

Կը հաւատանք, որ այս փոքրիկ գերեզմանատան պահպանումը շատ կարեւոր է ո՛չ միայն հոն առյաւէտ ննջողներուն, Ճիպէյլի հայութեան, լիբանանահայութեան, այլ նաեւ համայն հայութեան համար։ Անոնց բռնագաղթը, Լիբանան՝ «Թռչնոց Բոյն» հասնիլը, հոն ապրիլն ու իրենց ապաստան տուած կառոյցին կողքին հանգիստ գտնելը, ինքնեկ ընթացք մըն է, որուն փոփոխութիւնը կը խանգարէ այս հազուագիւտ պատմական իրականութիւնը։

Սոյն նամակով կը դիմենք Ձեզի առաջարկելով, որ տուեալ փոքրիկ տարածքը պահուի ինչպէս որ է, գերեզմանները չփոխադրուին, որպէսզի անոնց արժէքը իր հարազատութեան մէջ պահպանուի, եւ անիկա վերածուի յուշավայրի մը։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, երբ աշխարհով մէկ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յուշող կոթողներ կը կառուցուին, մեր պարտքն է արդէն իսկ յուշարար եղող այս վայրի պահպանման համար աշխատանք տանիլ։ Ապագային կարելի է նաեւ հոն՝այդ փոքրիկ տարածութեան մէջ համապատասխան ծրագիրներ մշակել, յուշարձան կանգնեցնել՝ զայն աւելի աչքառու դարձնելու եւ անոր կարեւորութիւնը առաւել եւս շեշտելու համար ո՛չ միայն հայութեան, այլ նաեւ տեղացի եւ օտար այցելուներուն համար, մանաւանդ որ Ճիպէյլը, ինչպէս գիտենք, աշխարհի հետաքրքրութեան եւ ուշադրութեան կիզակէտը կը հանդիսանայ։

«Թռչնոց Բոյն»ին կից կառուցուող համապատասխան թանգարանը, որ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ եւ շնորհակալ նախաձեռնութիւն է, առաւել վաւերական ու արժէքաւոր պիտի դառնայ այս գերեզմաններու պահպանումով։

Լիայոյս ենք եւ մեծ հաւատք ունինք, որ մեր խնդրագիրը անպատասխան պիտի չմնայ, պիտի բաժնէք մեր մտահոգութիւնը եւ գոհացում տաք մեզի համար այդքան կարեւոր խնդրանքին։

Որդիական յարգանքով՝

Leave a comment